Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող ամերիկացի 38 տարեկան պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս, հանդիսացաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ կէտ նշանակած մարզիկը:
Օքլահոմա Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Ճէյմս, որ նշանակեց 38 կէտ, գերազանցեց 1984-ին անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Քարիմ Ապտիւլ Ժապպարի հաստատած մրցանիշը` 38.387 կէտ:
Ճէյմս այսպիսով նշանակեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 38.390-րդ կէտը:
Նշենք, որ 75 տարեկան Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար, ներկայ գտնուեցաւ այս մրցումին, որ աւարտեցաւ Օքլահոմայի յաղթանակով` 133-130 արդիւնքով:
Այս մրցումէն ետք, անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Մեճիք Ճոնսըն յայտարարեց, որ երբեք չէր մտածեր, որ օրին մէկը որեւէ խաղացող կրնայ գերազանցել Ապտիւլ Ժապպարի 39 տարուան մրցանիշը:


