Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկելու Գաղափարը Իրատեսական Չէ»

February 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի խաղաղապահներ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու գաղափարը հազիւ թէ Իրատեսական է, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման խնդիրները արդիւնաւէտօրէն կը լուծէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու վարչութեան տնօրէն Փիոթր Իլյիչեւ:

Ան նշած է, որ միջազգային եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛աշխատի միայն Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը, իսկ ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործակալութիւնները ազրպէյճանցիներէն եւ հայերէն արտօնութիւն չեն ստացած մուտք գործելու Լեռնային Ղարաբաղ, նոյնիսկ կարիքներու գնահատման առաջնային առաքելութիւն իրականացնելու համար:

Իլյիչեւի համաձայն, «դժուարութիւնները կը ծագին կողմերուն հետ հաւասարապէս հեռու դիրքորոշում պահպանելու անկարելիութեան քաղաքական պատճառով, ներառեալ շրջան ժամանելու եւ մեկնելու եղանակները, հաշուետուողականութիւնը, վերահսկողութիւնը եւ մարդասիրական գործունէութեան կառուցման իրաւական հիմքը:

«Այս պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղին նոյնիսկ միջազգային մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցին մէջ յառաջընթաց չկայ, միջազգային խաղաղապահ զօրակազմի գործուղման գաղափարի գործնական իրականացումը, որ առաւել եւս պիտի պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցները, դժուար թէ իրատեսական ըլլայ: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը արդիւնաւէտօրէն կը յաղթահարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման բոլոր խնդիրները», աւելցուցած է ան:

Բացի ատկէ, ռուս դիւանագէտը աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի լիազօրութեան տակ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութիւնները ոչ միշտ է, որ կը վայելեն ընդունող պետութիւններու վստահութիւնը:

«Որոշ դէպքերու մէջ վերջիններս հանդէս կու գան «Կապոյտ սաղաւարտներու» դուրսբերման օգտին` անոնց ծանր արդիւնաւէտութեան պատճառով: Հետեւաբար, հարցը ոչ այնքան այն է, թէ ո՛վ արտօնած է խաղաղապահ գործողութիւնը, որքան տագնապի երկու կողմերու բարի կամքի գոյութիւնը ատոր դադրեցման եւ ատոր հետեւանքներու վերացման հարցին մէջ», ըսած է Իլյիչեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յունուարի սկիզբը ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան աւարտէն ետք կրնայ հետեւիլ խնդրանքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` շրջան միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու վերաբերեալ: Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետի խօսքերը` Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ միջազգային խաղաղապահները կրնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աշխատանքին մէջ ներգրաւուիլ միայն տագնապի բոլոր կողմերուն համաձայնութեամբ:

Նախորդը

Պերլին. «Գերմանիան Էական Մասնակցութիւն Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Դիտորդական Առաքելութեան Աշխատանքներուն»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.