Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ շեշտեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը պատրաստ է օրական դրութեամբ չորս յաւելեալ ժամ ելեկտրականութիւն մատակարարելու քաղաքացիներուն:
Ֆայեատ աւելցուց, որ այդ իմաստով վաղը` ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ին պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը:
Ան շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի աւազակութիւնները պիտի դադրին, իսկ ելեկտրականութեան համար վճարուելիք գումարները` յաւելուած սակերու հիման վրայ, պիտի կատարուին յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սեփական մարզին նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնելու կարելիութիւնները:
Ասմար հաստատեց, որ մօտիկ ապագային սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յատուկ յանձնախումբը պիտի հրաւիրէ նիստի` քննարկելու համար սեփական մարզի պաշտօնէութեան նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ փոխադրածախսը օրական 200 հազար լ. ոսկիի հասցնելու կարելիութիւնները:


