Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրաշարժին Հետեւանքները Հալէպահայութեան ու Անոր Կառոյցներուն Վրայ

February 8, 2023
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներուն, «Ֆրիշօ» հիւանդանոց:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ի խորոց սրտի աղօթեց ահաւոր երկրաշարժէն Տիրոջ նախախնամութեամբ փրկուած հայորդիներուն համար` գօտեպնդելով զիրենք եւ մաղթելով Ամենակալին զօրութեամբ շուտափոյթ ապաքինում:

Հալէպի Կիլիկեան երկրորդական վարժարանը երկրաշարժին պատճառով նիւթական վնասներ կրած է: Վարժարանի տնօրէնութիւնը որոշած է փակ պահել վարժարանին դռները, մինչեւ որ համապատասխան մարմիններ ստուգեն կառոյցին կայուն մնալու հաւանականութիւնն ու անհրաժեշտ նորոգութիւնները կատարեն: Այս մասին հաղորդեց «Գանձասար»-ի դիմատետրեան էջը:

6 փետրուար 2023-ի ահեղ երկրաշարժի հետեւանքէն անմասն չէ մնացած նաեւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, որ ունեցաւ նիւթական վնասներ:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի տնօրինումով եւ թելադրութեամբ, Մանուկ վրդ. Պարիխանեան երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին, այցելած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, «Տիգրանեան» սրահ, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզ եւ Կրթասիրացի կառոյցները, ուր հայորդիներ ապաստանած են երկրաշարժին պատճառով:

Հայր սուրբը գօտեպնդելով բոլոր տարիքի հայորդիները մաղթած է, որ աղօթքով, զգօնութեամբ եւ անվտանգ յաղթահարեն երկրաշարժին հետեւանքները:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը Զօրակցութեան Ձեռք Կ՛երկարէ Երկրաշարժէն Տուժած Սուրիահայութեան

Յաջորդը

Մաքրոն Ընդգծած Է Բերձորի Միջանցքի Անխափան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.