Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւններ. Հայ Գիրքը Եգիպտոսի Մէջ. Մատենագիտական Ցուցակ 1888-2011 Հեղինակ Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան

March 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Վերջերս Եգիպտոսի մէջ (Գահիրէ) լոյս տեսաւ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի մէկ աշխատասիրութիւնը: «Հայ գիրքը Եգիպտոսի մէջ, 1888-2011»: Գիրքին մեկենասութիւնը կը պատկանի Եգիպտոսի Ազգ. առաջնորդարանի «Փոլ Քիլիճեան» հրատարակչական ֆոնտին:

Գիրքը ձօնուած է հեղինակին ծնողաց` Նարպէյ եւ Սիրանուշ Պայրամեաններու: Գնահատանքի խօսք գրած է հայրենի գրող տոքթ. Պետրոս Պետիրեան:

Հեղինակը լոյս ընծայած է նաեւ այլ գիրքեր: Ան` իբրեւ ազգային անխոնջ գործիչ եւ մտաւորական բժիշկ, 1999 Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա. Սարգիսեանի կողմէ մեծարուած է «Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանով, 1999-ին արժանացած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Արտակարգ շքանշան»-ին, ստացած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան:

Կիրակի, 11 մարտ 2012-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, բժիշկ Պայրամեանը մեծարեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով լոյս ընծայուած այս գիրքը վկայութիւն մըն է եգիպտահայ գաղութի 125 տարիներու ընթացքին լոյս ընծայած 1932 հայատառ գիրքերու մասին` 62 տպարաններէ եւ հրատարակչատուներէ: Հայատառ գիրքեր, որոնք կը վերաբերին գեղարուեստական գրականութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան, թարգմանչական գրականութեան եւ այլ սեռի գիրքերու: Հետեւողական յամառ պրպտումի եւ սերտողութեան արգասիք մը, արժանի գնահատանքի:

Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան հաւատարիմ է հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման: Եգիպտոսի մէջ ապրած է հայկական գաղութներէն կարեւոր եւ աւանդապահ գաղութ մը, որուն կեանքը դարերու կենսագրութիւն ունի: Հայ գիրքը կամ հայ մամուլը Եգիպտոսի մէջ պատմութիւն եւ պատմական անդրադարձումներ փոխանցող մշակութային ժառանգութեան պահպանման կենսական տուեալներ են, որոցմով կարելի է վկայակոչել մեր ժողովուրդին անցած ուղին հայրենիքէն դուրս:

Սուրէն Պայրամեանի ուսումնասիրական այս աշխատանքները անհրաժեշտ ներդրումներ են եգիպտահայ գաղութի դարերու անցած ճանապարհին:

Եգիպտոս հայկական մշակոյթի, գիր ու գրականութեան, մշակութային գործիչներու փայլուն ոստանը եղած է 18-րդ դարէն ի վեր եւ անկէ ալ առաջ: Նուիրեալ սերունդներ եկած անցած են` ջահը փոխանցելով յաջորդող սերունդներուն: Անձնուէր ջահակիր մըն ալ եղած է տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, որուն ջանադիր հետապնդումներուն շնորհիւ լոյսին բերուած են. եգիպտահայ գաղութին մէջ 125 տարիներու ընթացքին հրատարակուած հայ գիրքին հաշիւը` 1932 հատոր: Այս միջոցառման արգասիքը մեզի կը ծանօթացնէ յիշեալ հատորները գրած, խմբագրած, տպած անուները: Նոյնը ըրած է նաեւ Ս. Պայրամեան եգիպտահայ մամուլը արձանագրելու եւ անդրադարձումներ կատարելու այդ մասին:

Հայաստանէն սփիւռք, Էջմիածինէն Անթիլիասի կաթողիկոսները արժանաւոր յարգանքը ընծայած են իրեն, ինչպէս նաեւ մեր ազգային կառոյցներու վարիչները, պատասխանատուները արժանաւոր յարգանքով պատուած են այս բժիշկը, որ իր գիտութեան միացուցած է ազգային, մշակութային, կրթական մեր արժէքները պահպանելուն:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ բժիշկ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Եւ Իրան. Ժպիտներու Ընդմէջէն Մրցակցութիւնը Կը Սրի

Յաջորդը

Նորա Արիսեանի Հետ Հարցազրոյց` «Սաուրա» Օրաթերթին Կողմէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։