Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան հասած «Ֆարահ» ցուրտի ալիքը պիտի սաստկանայ այսօր եւ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի կիրակի:
Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, առատ անձրեւներ պիտի տեղան, իսկ ծովու մակերեսէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ:
Նշենք, որ շաբաթավերջին առատ անձրեւներ պիտի տեղան, իսկ ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ երկուշաբթի, 6 փետրուարին:
Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն կը պահանջեն, որ լեռնային շրջաններուն մէջ ձիւնելէ ետք, անոնք հետեւին իրենց ցուցմունքներուն, եւ եթէ ստիպուած չեն` խուսափին լեռնային ճամբաներ ուղղուելէ:


