Միացեալ Նահանգներու երկու քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող խումբ մը ծերակուտականներ նախագահ Ճօ Պայտընէն պահանջած են յետաձգել «ԷՖ-16» հալածիչներու վաճառքը Թուրքիոյ, մինչեւ Թուրքիան հաստատէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմումները:
«Քոնկրեսը չի կրնար քննարկել Թուրքիոյ հետագայ աջակցութիւնը, ներառեալ «ԷՖ-16» օդանաւերու վաճառքը, մինչեւ Անգարան չաւարտէ անդամակցութեան արձանագրութիւններու վաւերացումը», ըսած է դեմոկրատական ծերակուտական Ճին Շահին:
Անոր հետ նախագահին ուղղուած այս կոչը ստորագրած են հանրապետական ծերակուտական Թոմ Թիլիսը, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններէն 23 այլ քոնկրեսականներ:
«Մենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու Թուրքիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներ վաճառելէն, մինչեւ որ Անգարան դադրի Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու արձանագրութիւնները արգելակելէ», ըսած է Շահին:


