«Ազդակ»-ի վարչական բաժանմունքը, երկար քննարկումներէ ետք, հարկադրաբար որոշեց բարձրացնել թերթին հատավաճառն ու բաժանորդագինը:
Լիբանանեան դրամանիշի շարունակուող արժեզրկումը, որուն դիմաց ծախսերու սրընթաց աճը մեզ կը պարտաւորեցնեն ճշդելու նոր սակագիներ:
Կը գիտակցինք, որ դրամանիշի անկումի այս ընթացքը կրնայ իմաստազրկել նաեւ նոր գինը: Այդուհանդերձ պիտի փորձենք սղաճի նոր ոստումներուն չյանձնուիլ եւ թերթին փոխարժէքը յարափոփոխ չդարձնել, ինչպէս ըրինք մինչեւ հիմա:
Գինը անփոփոխ պահելու որոշումը նեղ կացութեան մատնեց «Ազդակ»-ի պիւտճէական բաժինը: Լիբանանի մէջ «Ազդակ»-ը միակ թերթն է, որ մինչեւ հիմա կը վաճառուէր ներկայ գինով (1.500 լ. ո.):
6 փետրուար 2023-էն սկսեալ «Ազդակ»-ի հատավաճառը կը դառնայ 20.000 լ. ո.: Նկատի ունենալով վառելանիւթի անվերջ փոխուող սակագիները, տարեկան բաժանորդագրութիւնը կ՛ըլլայ 100$: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն տարեկան բաժանորդագրուիլ կամ վերահաստատել իրենց բնակարանները կամ գրասենեակները առաւօտ կանուխ թերթը ստանալու դրութիւնը, պէտք է հեռաձայնեն «Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակ` 01-258526 թիւին:
Այս նոր տնօրինումներուն համար կ՛ապաւինինք մեր ընթերցողներու հասկացողութեան:


