Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը որդեգրած է բանաձեւ մը` Ազրպէյճանը յորդորելով անմիջապէս բանալ Բերձորի միջանցքը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով կը հաղորդէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը:
«Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) շրջափակման համար եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս բանալու Լաչինի միջանցքը», նշուած է գրառման մէջ:


