Պէտք է ճնշում գործադրել հայ պատերազմական գերիներու սպանութիւններու անկախ հետաքննութեան եւ Բերձորի միջանցքի վերաբացման ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ նման խնդիր բարձրացուց երեսփոխան Ռուփա Հաք:
Նախքան երեսփոխանի խօսք արտասանելը, Բրիտանիոյ ձեռնարկած քայլերուն մասին խօսեցաւ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքըրթին:
«Մենք կը ձգտինք բանակցութիւններուն վերադառնալ եւ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Ես 18 յունուարին մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ խօսած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի հետ: Երէկ ես հանդիպած եմ Ազրպէյճանի դեսպանին հետ եւ շեշտած Լաչինի միջանցքը վերաբանալու հրատապ անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Լէօ Տոքըրթին:
Ան նաեւ աւելցուց, որ «Սթարթ Ֆանտ» հիմնադրամը, որուն կարեւոր նուիրատուներէն մէկը Բրիտանիան է, 350 հազար սթերլինկ հաւաքած է ստեղծուած կացութենէն տուժածներուն աջակցութիւն տրամադրելու համար:
Բրիտանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ռուփա Հաք նշեց, որ բաւարար քայլերու չեն ձեռնարկուիր Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ:
«Այս շրջափակումը կը շարունակուի 50 օրէ ի վեր: Ատոր պատճառով երեխաները թերսնումի վտանգի առջեւ կանգնած են, որովհետեւ անոնց բաւարար քանակութեամբ սնունդ եւ դեղորայք չի հասնիր: Մենք նաեւ տեսած ենք, որ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրած են արտադատական սպանութիւններ, պահուող անձերու նկատմամբ ոտնձգութիւններ», ըսաւ Ռուփա Հաք:
Երեսփոխանը նաեւ վրդովումով յիշեցուց, որ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարարը վերջերս ակնկալութիւն յայտնած էր, որ Ազրպէյճանի դատախազութեան հետաքննութիւնը նշանակալի արդիւնքներ պիտի տայ:
«Ինչո՞ւ մենք չենք կրնար ճնշում գործադրել, որպէսզի այդ սարսափելի ողբերգութիւնը միջազգային անկախ լուծումներ ստանայ», եզրափակեց երեսփոխանը:
Ի պատասխան` պետական նախարար Լէօ Տոքըրթի դարձեալ կրկնեց, որ Բրիտանիան կ՛ուզէ վերադարձ բանակցութիւններու եւ տագնապի խաղաղ լուծում, ինչ որ ան պիտի շեշտէ յառաջիկայ ամիսներուն շրջան նախատեսուած այցելութեան ժամանակ:


