Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող բաժակակիր Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Աթալանթան, 1-0 արդիւնքով իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց իտալացի յետսապահ Մաթէօ Տարմիան, 57-րդ վայրկեանին:
Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանի հետ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան:
Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը կիսաւարտականի մրցումներուն իր դէմ պիտի ունենայ Լացիօ Ռոմա-Եուվենթուս մրցումին յաղթականը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 2 փետրուարին, պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


