Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Դէմ Է Որեւէ Քայլի, Որ Կը Դժուարացնէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի «2 Պետութիւններ» Սկզբունքին Հիմամբ Լուծումը»

February 1, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է երկու երկիրներու համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցին` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»:

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ յառաջընթացին հասնելու լաւագոյն միջոցը երկու պետութիւններու տեսլականը պահպանելն է, այնուհետեւ իրականացնելը», ըսած է Պլինքըն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «հիմա բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` շտապ քայլերու ձեռնարկելու հանգստութիւնը վերականգնելու, լարուածութիւնը թուլացնելու համար»:

Նեթանիահու, որ իբրեւ կանոն կը խուսափի օտարերկրեայ պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Պաղեստինի մասին խօսելէ, նշած է, որ խաղաղութեան շրջանակի ընդլայնումը «պիտի օգնէ պաղեստինցի դրացիներու հետ գործելու ունակ լուծման հասնելու»:

Իսրայէլի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ չէ նշած երկու պետութեան ստեղծման ձեւաչափով լուծման տարբերակը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կողմնակից է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը երկու պետութիւններու ստեղծմամբ լուծելու քաղաքականութեան:

Իսրայէլ այցելութեան աւարտին Պլինքըն ուղղուեցաւ Այսրյորդանան` Պաղեստինեան իշխանութեան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում ունենալու համար:

Ան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Պէտք է արագ քայլեր որդեգրել` նուազեցնելու համար բռնարարքներու սրութիւնը, եւ պաղեստինցիներուն համար յոյսերու հորիզոնի հեռացում կը նկատենք, եւ ատիկա պէտք է փոխել»:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը գնահատեն Ապպասի` ահաբեկչութեան դէմ հաստատուն ու շարունակուող կեցուածքը` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ պաղեստինցիներուն առնչուող ՄԱԿ-ի գործակալութեան յաւելեալ 50 միլիոն տոլար պիտի տրամադրեն»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակաւին յանձնառու կը մնայ երկու պետութիւններու լուծման, եւ դէմ ենք որեւէ քայլի, որ կը դժուարացնէ այդ լուծումի իրագործումը», յայտարարեց Պլինքըն:

 

Նախորդը

Փենթակոնի Ղեկավարը Յայտարարած Է Հարաւային Քորէայի Պաշտպանութեան Համար Սովորական Եւ Հիւլէական Զէնք Օգտագործելու Պատրաստակամութեան Մասին

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են Սպառազինութիւններու Վերահսկման Հարցերը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.