Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոր յորդորած է անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը առեւտրական փոխադրումներու համար:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վտանգը կը խաթարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները: Պլինքըն կոչ ուղղած է Ալիեւին կրկնապատկելու ջանքերը Հայաստանի հետ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Ան նաեւ բարձրաձայնած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ մտահոգութիւնները:
Ազրպէյճանը 12 դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ այս պահը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը աշխարհին կապող միակ մայրուղին` Լաչինի միջանցքը` բերելով կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններ:


