Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Պըրրի նեղացած չէ խորհրդարանին մէջ ընթացող նստացոյցէն եւ երեսփոխաններէն, ինչպէս նաեւ այդ քայլը իր դէմ ուղղուած մարտահրաւէր մը չի նկատեր:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Պըրրի ատիկա կը նկատէ երեսփոխաններուն իրաւունքը` աւելցնելով, որ Պըրրի անոնց նման եւ աւելի աճապարուած է հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու:
«Ժումհուրիա»-ի համաձայն, Պըրրի կոչ ուղղեց երկխօսութեան` համախոհութիւն գոյացնելու համար, սակայն իր հրաւէրին ընդառաջում չկար. ան շրջանցեց ժխտական այդ մօտեցումը եւ երկրորդ անգամ երկխօսութեան հրաւիրեց, սակայն այս անգամ եւս ընդառաջում կարելի չեղաւ ապահովել:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջինարեւելեան եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով աւագ խորհրդական զօր. Մարթին Սիմփսընը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Աքքարի առաջնորդ Պասիլիոս Մանսուրը` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէի եւ Ասաատ Տըրղամի:
Քննարկուեցան Աքքարի կարիքները:
Հանդիպումէն ետք Մանսուր կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որուն կարիքը ունի Լիբանանը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տագնապներուն լուծումներ ապահովել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտին:


