Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2022-ի դեկտեմբեր ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 6,73 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2022-ի նոյեմբեր ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 4,80 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 7,15 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 6,69 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 7,31 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 6,65 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 6,04 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2022-ի դեկտեմբեր ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 121,99 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2021-ի դեկտեմբեր ամսուան:


