Նախորդ շաբաթավերջին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իրենց աւարտին հասան Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ճատրակի 2023 տարուան ախոյեանութեան մրցումները:
Տղոց ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 51-րդ շարժումին յաղթելէ ետք Ռոպերթ Յովհաննիսեանին, միանձնեայ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան:
Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց Մանուէլ Պետրոսեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 5,5 կէտով ամբողջացուց Տիգրան Կ. Յարութիւնեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, 5-րդ անգամ ըլլալով տիտղոսակիր դարձաւ Մարիա Գէորգեան, որ ապահովեց 7 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 6,5 կէտով գրաւեց Սուսաննա Գաբոյեան, մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Արփինէ Գրիգորեան (5,5 կէտով):


