Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքի Փակումը Եւ Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերականգնել Տեղաշարժի Ազատութիւնը

January 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ)` 16-19 յունուարի լիագումար նստաշրջանի ընթացքին 18 յունուարին տեղի ունեցած քուէարկութեամբ որդեգրուեցաւ «Ընդհանուր արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան իրականացում. 2022 թուականի տարեկան զեկուցում» (ԸԱՏՔ) բանաձեւը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, զեկուցողը Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթըրն էր:

ԸԱՏՔ-ն արտաքին քաղաքական հարցերով ԵԽ-ի տարեկան հիմնական զեկուցումն է եւ ատոր մէջ որեւէ ձեւակերպումի շուրջ համաձայնութեան գոյացումն ու որդեգրումը կը ձեւաւորէ ԵԽ-ի միասնական քաղաքական գիծը:

Զեկուցումին մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Հայաստանի գերիշխան տարածքին նկատմամբ Ազրպէյճանի 2022 սեպտեմբերի յարձակումը, որ զինադադարի խախտում է եւ լուրջ հետեւանքներ ունի խաղաղութեան հոլովոյթին համար:

Կը վերահաստատուի, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է լիարժէքօրէն յարգուի, եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի անմիջապէս դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի բոլոր տարածքներէն:

Համոզում կ՛արտայայտուի, որ զինուորական միջոցներով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնիլ կարելի չէ: Ատիկա կը պահանջէ համապարփակ քաղաքական լուծում` միջազգային իրաւունքին համապատասխան` ներառեալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, ԵԱՀԿ-ի 1975-ի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի 2009 թուականի հիմնարար` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքի եւ ուժի չկիրարկման սկզբունքներուն:

Մտահոգութիւն կ՛արտայայտուի Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքային անձերու նկատմամբ պատերազմական յանցագործութիւններու ու անմարդկային վերաբերմունքի կապակցութեամբ եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի ազատ արձակելու իրենց հսկողութեան տակ գտնուող պատերազմական գերիները:

Աջակցութիւն կ՛արտայայտուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներու հետ եռակողմ հանդիպումներ կատարելու նախաձեռնութեան:

Կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է հասցէագրէ տագնապի արմատական պատճառները` ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու վերադարձը, մշակութային, կրօնական ու պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Կ՛ողջունուի Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղուի ընդլայնելու տեղակայուած փորձագէտներու քանակը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու շրջանին մէջ ներկայութիւնը:

Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է ըլլայ պայմանական` կախեալ երկրին կողմէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան ու հիմնարար ազատութիւններու յարգման ուղղութեամբ էական յառաջընթացի ապահովումէն:

ԸԱՏՔ զեկուցումի, Թուրքիոյ վերաբերեալ հատուածին մէջ կը նշուի Հարաւային Կովկասի մէջ, այլ շրջաններու շարքին, երկրի շարունակական ապակայունացնող գործողութիւններու մասին:

Եւրոպական Խորհրդարանը 18 յունուարի լիագումար նիստին մէջ նաեւ որդեգրեց զեկուցումին` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ ներկայացուած լրամշակում, որուն մէջ կը նշուի.

«Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակումը, որուն նպատակն է մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար»: Խորհրդարանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ վերականգնել Բերձորի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը:

 

Նախորդը

Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգրած Է

Յաջորդը

Արթուր Մոսիեան. «Այսօր Միջազգային Հանրութիւնը Աւելի Շատ Կը Խօսի Արցախի Ինքնորոշման Մասին, Քան Հայաստանի Իշխանութիւնները»

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.