Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Տաւոսի տնտեսական համագործակցութեան ֆորումին ընթացքին հանդիպումի ժամանակ արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Հայաստան չէ արձագանգած Պաքուի` խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկին:
«Դժբախտաբար, Հայաստան չէ արձագանգած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման մեր առաջարկին, որ պիտի ըլլայ շատ պարզ եւ հիմնուած միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներուն վրայ: Յանձնակատար Հանը կ՛ակնարկէ այստեղ Հայաստանի բացակայութեան մասին: Ան ըսաւ, որ Հարաւային Կովկասի երկու երկիր կայ, սակայն անոնք առնուազն երեք են: Ես գիտեմ, թէ որու նկատի ունէր: Սակայն ինչո՞ւ Հայաստանը չկայ: Որովհետեւ Հայաստանը մերժեց Վրաստանի հետ համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափ սկսելու մեր առաջարկը», ըսած է Ալիեւ:


