Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին կոչ ուղղած են առաւելագոյն ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի Արցախի շրջափակման, որովհետեւ ներկայ ճգնաժամը այնտեղ աղէտալի վիճակ ստեղծած է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Քոնկրեսականները նշած են, թէ անհրաժեշտ է, որ Պայտընի վարչակազմը առաւելագոյն ճնշում գործադրէ` դադրեցնէ Ազրպէյճանին որեւէ տեսակի զինուորական աջակցութիւն, ազրպէյճանական ղեկավարութեան դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէ շարունակուող զինուորական յանցագործութիւններուն համար, օդային ճամբով անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն հասցնէ Արցախի ժողովուրդին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրին հասցէագրուած նամակին մէջ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Աննա Էշու գրած են. «Լաչինի միջանցքը բանալու ներկայ միջազգային ռազմավարութիւնը պարզապէս չ՛աշխատիր: Ալիեւի վարչակարգը միտումնաւոր քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախէն հայ բնակչութիւնը հեռացնելու եւ անոնց իրենց նախնիներու հողին վրայ ազատ ապրելու կարելիութենէն զրկելու համար: Ասիկա ցեղային զտման ակնյայտ նշան է, որ պէտք չէ անտեսուի»:
Քոնկրեսականները նաեւ նշած են, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դիտարկեն Արցախին մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու բոլոր հասանելի տարբերակները, ներառեալ օդային ճամբով բեռներ հասցնելը:


