Բերձորի միջանցքը պէտք է մնայ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ, Մոսկուան ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ` բարի կամք դրսեւորելու եւ միասնաբար որդեգրելու փոխզիջումներ` ճգնաժամը կարելի եղածին չափ արագ լուծելու համար: Այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ:
«Շրջանին մէջ վատթարացող մարդասիրական կացութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Բնակչութիւնը պէտք չէ դառնայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ քաղաքական տարակարծութիւններու պատանդը:
Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ եւ օգտագործուի միայն այն նպատակներուն համար, որոնք նշուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ:
Մենք ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք դրսեւորելու բարի կամք եւ միասնաբար փնտռելու փոխադարձ ընդունելի փոխզիջումներ` Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը կարելի եղածին չափ արագ լուծելու, հանքավայրերու զարգացման շրջագիծերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խնդիրները լուծելու համար», ըսած է Լուքաշեւիչ` ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին:
Անոր համաձայն, Մոսկուան պատրաստ է այս հարցին մէջ հաւանական աջակցութիւնը ցուցաբերելու:
«Ռուս խաղաղապահներու ջանքերով կազմակերպուած է շտապ օգնութեան մեքենաներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներու Լաչինի միջանցքէն անցումը, գործնական կերպով վերականգնուած է ղարաբաղցիներու կազամատակարարումը, համացանցի հասանելիութիւնը: Կը համակարգուին ելեկտրահաղորդման գիծերու վերանորոգման շրջագիծերը: Ռուսական կողմը թէ՛ քաղաքական մակարդակի վրայ, թէ՛ ալ տեղւոյն վրայ, շահագրգիռ կողմերու հետ հաղորդակցութիւններուն մէջ, կը ձեռնարկէ բոլոր կարելի միջոցները` լարուածութիւնը թուլացնելու եւ կացութիւնը կարգաւորելու համար», ըսած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
Ըստ Լուքաշեւիչի, կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծումը կարելի է միայն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագիրներու բոլոր կէտերու խստիւ պահպանման հիման վրայ:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ որեւէ սադրիչ գործողութիւն եւ հրապարակային յարձակում մենք անընդունելի եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին վնասող կը նկատենք: Ռուս խաղաղապահները առանցքային ներդրում ունին իրենց տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, ինչ որ նշած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները 31 հոկտեմբերին Սոչիի վեհաժողովին ընթացքին», ըսած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:


