Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի վերջին երկու մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը, արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը, 80-74 արդիւնքով (20-21, 20-14, 21-20 եւ 19-19):
Յաղթական կազմէն բացառիկ ելոյթ մը ունենալով` Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ տապըլ մը իրագործեց (34 կէտ, 20 ռիպաունտ):
Սաժեսի երկրորդ օտարականը` Քերուին Ռոաշ նշանակեց 16 կէտ:
Իրենց կարգին, տապըլ-տապըլ իրագործեցին Հուփսի երկու օտարականները` Ժուլիան Սքոթ Ուիլիըմս (16 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Քրիսթոֆըր Ուոշպում (20 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութ-Լիտըրզ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Պէյրութի յաղթանակով, 96-88 արդիւնքով (28-23, 27-18, 26-24 եւ 15-23):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Օմար Ժամալէտտին (22 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քենեթ Օլթըն նշանակեց 21 կէտ:
Իսկ Լիտըրզէն 21-ական կէտ նշանակեցին Ալեքսանտր Փիքոք եւ Տէյվիս Սթենլի:


