Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կատարուող Հայաստանի տղոց ճատրակի 83-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` ճերմակ քարերով պարտութեան մատնելով Մամիկոն Ղարիբեանը` 31-րդ շարժումին:
Ան այժմ առանձինն կը գտնուի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ (երեք կէտով), մինչ անկէ կէս կէտով ետ կը մնայ Արամ Յակոբեան, որ սեւ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց Արմէն Բարսեղեանի դէմ:
Իսկ երկու կէտով երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տիգրան Պետրոսեան, որ այս հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սարգիս Սարգսեանի հետ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 78-րդ ախոյեանութեան, 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք երկուքական կէտով առաջինէն չորրորդ դիրքը կը բաժնեն Փոլինա Քոպաք, Մարիա Գէորգեան, Արփինէ Գրիգորեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան:
Նախքան այս հանգրուանը, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արփինէ Գրիգորեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Մարիա Գէորգեանէն (սեւ քարերով):


