Վերջերս շրջան ընող տարաձայնութիւններուն լոյսին տակ, ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնած է, որ «Փարք Տը Փրենս»-ը պիտի չծախուի Փարիզ Սեն Ժերմենին:
«Հաստատօրէն կ՛ըսեմ, որ անիկա պիտի չծախուի, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
«Կու գամ շեշտելու, որ «Փարք Տը Փրենս»-ը փարիզցիներուն համար բաւական յարգի եւ մեծ ժառանգութիւն ներկայացնող վայր մըն է», ըսաւ Իտալկօ, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2014-էն ի վեր:
Նշուեցաւ, որ մարզադաշտին վերակառուցման համար Փարիզի քաղաքապետութիւնը պատրաստ է ծախսելու 500 միլիոն եւրօ, որպէսզի անիկա փոխան 48 հազար հանդիսատեսի կարենայ հիւրընկալել մինչեւ 60 հազար հանդիսատես:


