Նախորդ շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գտնուող Ֆահտ թագաւորի անուան մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 57 հազար հանդիսատեսներու, տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ փոխախոյեան Պարսելոնա:
Մրցումին յաղթականը եւ տիտղոսակիրը հանդիսացաւ մարզիչ Չաւիի գլխաւորած կազմը` Պարսելոնա, որ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին դէմ:
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Կաւի (33-րդ), Ռոպերթ Լեւանտովսքի (45-րդ) եւ Փետրի (69-րդ), մինչ Ռէալի ուշացած կոլը` Քարիմ Պենզեմա (90+3-րդ):
Այսպիսով, քաթալոնական կազմը 14-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին (մրցանիշ մը)` 2018-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով, մինչ Չաւի իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ Պարսելոնայի հետ` իբրեւ մարզիչ:


