Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը (վերջին երեք մրցումներուն ընթացքին), երբ 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Ռեննի դաշտէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց մալիցի յետսապահ Համարի Թրաորէ (65-րդ):
Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար իբրեւ հիմնական մարզիկներ դաշտ ներկայացած էին, մինչ Քիլիան Էմպափէ դաշտ ներկայացաւ 55-րդ վայրկեանին:
Վերջինս այսպիսով կատարեց իր 300-րդ մրցումը` ակումբի մակարդակով:
Այդ 300 մրցումներուն ընթացքին (200-ը` Ֆրանսայի ախոյեանութեան ընթացքին), Էմպափէ նշանակած է 218 կոլ. 27-ը` Մոնաքոյի հետ, 191-ը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Փարիզ Սեն Ժերմենի (անիկա ունի 47 կէտ) կրած այս պարտութենէն մեծապէս օգտուեցան անոր անմիջական մրցակիցները` Լանս (2-րդ, 44 կէտ), Մարսէյ (3-րդ, 42 կէտ), Մոնաքօ (4-րդ, 37 կէտ) եւ բնականաբար Ռենն (5-րդ, 37 կէտ), որոնք բոլորն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Դարձի մրցումները պիտի ըլլան շատ աւելի հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ Սեն Ժերմենի կրած այս պարտութենէն ետք տիտղոսին համար մղուող պայքարը շատ աւելիով սրեցաւ վերոնշեալ կազմերուն միջեւ:


