Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող ֆրանսացի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին հետ առաջին անգամ ըլլալով ինքնակոլի հեղինակ դարձաւ:
Արսենալի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ հանգրուանի մրցումին, որ աւարտեցաւ անոր կազմին պարտութեամբ (2-0), ան 14-րդ վայրկեանին գնդակը սխալմամբ զետեղեց իր բերդին մէջ:
Նշենք, որ այս մրցումը 36 տարեկան բերդապահին համար 354-րդ մրցումն էր` Թոթենհամի հետ, «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն գծով:
Անոր կազմը այժմ 33 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը` 14 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալէն:


