Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի միամսեայ փակումը մարդասիրական ճգնաժամ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ կենսական նշանակութեան պաշարները կը կրճատուին: Այս մասին կը նշուի «Ֆրիտըմ Հաուզ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան` «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի միամսեայ շրջափակումը մարդասիրական ճգնաժամ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ կենսական նշանակութեան պաշարները կը կրճատուին: Մենք Ազրպէյճանին կրկին կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ դադրեցնելու շրջափակումը: Մենք միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու շրջափակման վերացման եւ առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն վերադառնալուն: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը պէտք է ապահովուին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


