Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները, որոնք Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց անցեալ հինգշաբթի օր կատարած էին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով շարունակել պայթումին հետաքննութիւնը, արձակած էին նաեւ սպառնալիքներ:
Ցուցարարներուն անունով խօսք առնող Ուիլիըմ Նուն, որուն եղբայրը` Պէյրութի հրշէջներէն Ճօ Նուն զոհուած էր պայթումին ընթացքին, սպառնացած էր Արդարութեան պալատը քանդել: Ապա հարցազրոյցի մը ընթացքին, Նուն սպառնացած էր Արդարութեան պալատը ուժանակով պայթեցնել, եթէ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը ի նպաստ զոհերու ընտանիքներուն որոշումներ չտայ:
Այս սպառնալիքներուն լոյսին տակ Պետական անվտանգութեան կառոյցին ոստիկանները` դատախազ Զահեր Համատէի հրահանգով եւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հաւանութեամբ, օր մը ետք, ուրբաթ գիշեր ձերբակալեցին Ուիլիըմ Նունը` զայն հարցաքննելու եւ իր մասին հետաքննութիւն բանալու նպատակով:
Նունի ձերբակալութիւնը ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին ստեղծեց բողոքի ցոյցերու ալիք մը, որ դրսեւորուեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու փողոցները փակելու երեւոյթով, յատկապէս Ժիպէյլի, Քֆար Ապիտայի, Ճիւնիի մայրուղիին, Սայֆիի, Ռամլեթ Պայտայի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ժիպէյլի մէջ կատարուած ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ բանակայիններուն միջեւ:
Հրկիզուող անիւներով Ժիպէյլի մայրուղին փակած ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ Հալաթի Մար Ժըրժես եկեղեցւոյ քահանայ հայր Ժորժ Սաումա, որ Ուիլիըմ Նունի մօրեղբայրն է:
Մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդարանը` յանձին առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսի, խստիւ դատապարտեց քահանայ հօր դէմ յարձակումը եւ պահանջեց հետաքննութիւն բանալ, ինչպէս նաեւ նման դէպքերու ընթացքին իմաստութեամբ վարուիլ:
Շաբաթ առաւօտեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքները ուղղուեցան Ռամլեթ Պայտայի Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնը, ուր անոնք կատարեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով ազատ արձակել Ուիլիմ Նունը:
Ցուցարարներուն միացան նաեւ երեսփոխաններ Մըլհեմ Խալաֆ, Միշել Մուաուատ, Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Ուատտահ Սատեք, Ֆիրաս Համտան, Զիատ Հաուաթ, Ղասսան Հասպանի, Ռազի Հաժ, Իպրահիմ Մնայմնէ եւ Միշել Տուէյհի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով իրաւաբաններ, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին ազատ արձակելու համար Ուիլիըմ Նունը:
Խալաֆ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արդարութեան կշիռը անընդունելի կերպով խանգարուած է` աւելցնելով, որ կը գտնուին հեղինակութիւն չունեցող ոստիկանական պետութեան մը դիմաց:
Ցուցարարները «Մարիոթ»-ի մայրուղին փակեցին` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Շաբաթ առաւօտեան Ռամլեթ Պայտա ուղղուեցաւ եւ ցուցարարներուն միացաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ զօրակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ պահանջեց Նունի ազատ արձակումը:
Ան խորհրդարանէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց ժողովուրդին նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները կատարել:
Շաբաթ յետմիջօրէին Ուիլիըմ Նուն ազատ արձակուեցաւ եւ ուղղուեցաւ Պէյրութի հրշէջներու կեդրոնատեղին, ուրկէ ան յայտնեց, որ դատական իշխանութիւններուն հրահանգով ձերբակալուած է, իսկ Պետական անվտանգութեան կառոյցը յարգալիր վերաբերում ցուցաբերած է իրեն նկատմամբ:
Նուն հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պահանջել 4 օգոստոսի թղթածրարին հետապնդումը` մերժելով անոր քաղաքականացումը:
Նուն աւելցուց նաեւ, որ ինք երկուշաբթի օր պիտի ներկայանայ հարցաքննութեան:
Ապա Նուն ուղղուեցաւ Ժիպէյլ եւ այցելեց իր մօրեղբօր` հայր Սաումայի, որուն բնակարանը ժամանեց նաեւ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, որ հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն բարձրաձայնել 4 օգոստոսի պայթումին հարցը, մինչեւ որ բացայայտուի ամբողջ ճշմարտութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Ուիլիըմ Նունի ձերբակալութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դատական իշխանութիւնը դարձած է վրէժ լուծելու միջոց մը` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցները ոստիկանական գործողութիւններով զբաղած են:
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս խստիւ դատապարտեց ապահովութեան ուժերուն կողմէ զոհերու ընտանիքներուն, որոնց մէջ նաեւ քահանայի մը դէմ յարձակումը:
Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր պատասխանատուի եւ արժանապատուութիւն ունեցող դատախազի` վերջ տալու զոհերու ընտանիքներուն դէմ յարձակումներուն:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ Ուիլիըմ Նունի ձերբակալութիւնը կասկած հրահրող անմտութիւն մըն է` աւելցնելով, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը ձախողած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը հետապնդելուն մէջ եւ այս արարքով պարտուած դուրս պիտի գայ:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին արդարութիւն պարտադրել եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ չխուսափիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ պիտի պայքարին` բացայայտելու համար նաւահանգիստի պայթումին ծալքերն ու այդ թղթածրարին վերաբերող ամբողջ ճշմարտութիւնը:


