Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրաստ Ենք Լիբանանի Ելեկտրական Ընկերութիւններուն Վառելանիւթ Ապահովելու» Շեշտեց Ապտոլլահեան

January 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, անցեալ շաբաթավերջին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կը միտի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել` աւելցնելով, որ Իրան հաւատարիմ պիտի մնայ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու իր խոստումին:

Ապտոլլահեան ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով լիբանանցիներուն վրայ անոր ունենալիք դրական ազդեցութիւնը:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ունեցած է արդիւնաբեր հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ` աւելցնելով, որ զանոնք տեղեակ պահած է Իրանի ներկայացուցած քաղաքական նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք կը միտին Իրանի վրայ պարտադրուած անարդար պատժամիջոցները վերացնել:

Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստ է Լիբանանի ելեկտրական ընկերութիւններուն վառելանիւթ ապահովելու, ինչպէս նաեւ պատրաստ է Լիբանանի կառավարութեան հետ ստորագրելու համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Իրան իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ հազար մեկաուաթ կարողութեամբ ելեկտրականութեան երկու նոր գործարաններ կառուցելու` մէկը Պէյրութի, իսկ միւսը` Հարաւային Լիբանանի մէջ:

«Երբ Լիբանանի կառավարութիւնը որոշէ Իրանի հետ գործակցիլ, ապա մենք պատրաստ ենք Լիբանանին նաւթ եւ վառելանիւթ տրամադրելու», շեշտեց ան:

Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Իրան հաւատարիմ կը մնայ իր եղբայր Լիբանանին` յատկապէս անոր դիմագրաւած տագնապալի այս կացութեան ընթացքին:

Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուի Լիբանանի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ ապահովական խորհրդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերականգնելու բանակցութիւններ կը կատարուին Պաղտատի մէջ: «Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը ո՛չ միայն երկու երկիրներուն համար դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, այլ նաեւ` ամբողջ շրջանին վրայ:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Այցելեց Մեթնի Հոգեւոր Հեղինակութիւններուն

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերու Հարազատներէն` Ուիլիըմ Նուն Կը Ձերբակալուի Եւ Ապա Ազատ Կ՛արձակուի

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.