Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին այցելեց վերին Մեթնի հոգեւոր հեղինակութիւններուն` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, շէյխ Կանի Մաքարեմի, երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան Մեթնի պատասխանատու Իսամ Մասրիի:
Հանդիպումներուն ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, թէ որքան ալ օրերը դժուար ու խիստ ըլլան, պէտք է համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ զինուիլ` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանին սպառնացող տագնապներուն:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ տնտեսական պատերազմներն ու ներքին լիբանանեան հարցերը կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել միայն համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ:
«Քաղաքական կարգ մը տեղական ուժեր տակաւին կը հաւատան, թէ աշխարհը Լիբանանով հետաքրքրուած է, սակայն ճշմարտութիւնը այն է, թէ ոչ ոք հետաքրքրուած է Լիբանանով: Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմէն ետք բոլորը կ՛ապրին համաշխարհային քաոսի մը մէջ, եւ Լիբանան աշխարհի քարտէսին վրայ չի գտնուիր», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Ան նկատել տուաւ, որ կայ միայն մէկ անձնաւորութիւն, որ իսկապէս հետաքրքրուած է Լիբանանով եւ յատուկ զգացումներ ունի երկրին հանդէպ` նշելով, որ ան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնն է:


