Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ ծանօթացան հեռատեսիլի լրատուութեան աշխատանքին, միջոցներուն, թեքնիքներուն, գործադրութեան, լուրը կարդալու նրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ ակնդիրին հաղորդական ըլլալու գաղտնիքներուն:
Հեռատեսիլի լրատուութեան արուեստը շատ հաճելի եւ կատարեալ արհեստավարժութեամբ ներկայացուց ձայնի հաղորդավար, խմբագիր Արմէն Ապտալեան:
Ան լաւապէս բացատրեց գրաւոր մամուլի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի համար պատրաստուած լուրերուն տարբերութիւնները` ընդգծումներ կատարելով յատկապէս հեռատեսիլի համար պատրաստուելիք լուրերու ձեւին, չափին, փոխանցումին ու առոգանութեան մասին:
Ա. Ապտալեան անդրադարձաւ նաեւ հեռատեսիլի կայանի համար կատարուած հարցազրոյցին իւրայատկութեան ու ձեւին` շեշտելով հարցազրոյցը աւելի հետաքրքրական դարձնելու կարեւորութիւնը:
Այս բոլորին շրջագիծին մէջ, Ա. Ապտալեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այն երեք զէնքերը, որոնք պէտք է օգտագործուին` յաջողելու համար լրագրութեան ասպարէզին մէջ. լեզուներու իմացութիւն, ընթերցանութիւն, զարգացում:
Նկատի ունենալով լուսանկարչութեան մարզը` Ա. Ապտալեան սորվեցուց ապագայ լրագրողներուն, թէ լրատուութեան համար ի՛նչ անկիւններէ եւ ինչպէ՛ս պէտք է լուսանկարել:
Բացառիկ հաղորդականութեամբ փոխանցուած տեղեկութիւնները ապագայ լրագրողները ընկալեցին ուշադիր հետեւելով եւ տպաւորուելով:


