Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ մեքսիքական Փաչուքա ֆութպոլի ակումբը իր մարզադաշտին մէջ գահ տեղադրեց ի պատիւ ֆութպոլի աստղ Փելէին:
«Պատմութեան մեծագոյն արքայի գահը», նշուեցաւ մեքսիքական ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ աշխարհի եռակի ախոյեան հանդիսացած 82 տարեկան պրազիլցի Փելէ նախորդ 29 դեկտեմբերին մահացաւ:
Փելէի այս գահը կը գտնուի այն թրիպիւնին մէջ, որ նախատեսուած է բարձրաստիճան հիւրերու եւ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչներուն համար:


