Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի, կը պայքարին իրենց կազմին միացնելու համար լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող յառաջապահ Հերի Քէյնը:
Անոր փոխանցման գումարը, ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, կրնայ ըլլալ 100 միլիոն սթերլինկ:
29 տարեկան Քէյն, որ 2013-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Թոթենհամի հետ, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2024:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած կազմին հետ մասնակցած է 26 մրցումի, նշանակած 17 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:


