Լիվըրփուլի անցեալի անուանի աստղ Սթիւըն Ժերար, առաջարկ մը ստացաւ մարզելու Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ Ժերար ստանձնէ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, որ թափուր մնացած էր Սզեսլաւ Միշնիեւիչի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք:
42 տարեկան անգլիացի մարզիչին նախկին ակումբն էր` Ասթոն Վիլան, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ հոկտեմբերին:


