Այսօր` հինգշաբթի, 12 յունուարին, կը սկսին Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ճատրակի ախոյեանութիւնները, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան-մարզադպրոցի սրահին մէջ:
Աղջկանց ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի կիրակի, 22 յունուարին, իսկ տղոց ախոյեանութիւնը` երեքշաբթի, 24 յունուարին:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան ամէն օր` առանց հանգստեան օրերու:
Տղոց ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Մանուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Տիգրան Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Արմէն Բարսեղեան եւ Սարգիս Սարգսեան:
Իսկ աղջկանց ախոյեանութեան մասնակիցներն են Մարիա Գէորգեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Աստղիկ Յակոբեան, Աննա Խաչատրեան, Վերոնիքա Խաչատրեան, Նարինէ Գասպարեան, Արփինէ Գրիգորեան, Ասիա Եդիգարեան, Փոլինա Քոպաք եւ Նուարդ Հայրապետեան:


