Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի 2023-ի կռփամարտի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 յունուարէն 4 փետրուար:
Հայաստանի ախոյեանութիւնը ընտրական բնոյթ պիտի կրէ եւ յառաջատարներով կազմուելիք հաւաքականը, Երեւանի մէջ կարճատեւ հաւաք կատարելով, պիտի մեկնի Սոֆիա (Պուլկարիա)` մասնակցելու համար միջազգային մրցաշարքի մը:
Ապա, հայրենի կազմը պիտի նախապատրաստուի Թաշքենտի (Ուզպեքիստան) մէջ 1-14 մայիսին կատարուելիք աշխարհի ախոյեանութեան եւ անոր յաջորդելիք Եւրոպայի ամառնային երրորդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Լեհաստանի մէջ:


