Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Ապահովական Ուժերը Վերահսկողութեան Տակ Առին Պոլսոնարոյի Համակիրներուն Կողմէ Գրաւուած Նախագահական Պալատը, Քոնկրեսն Ու Գերագոյն Դատարանը

January 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պրազիլի ապահովական ուժերը դարձեալ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են պետական շէնքերը, ներառեալ նախագահական պալատը, Քոնկրեսի եւ Գերագոյն դատարանի շէնքերը, որոնք գրաւուած էին Պրազիլի նախկին նախագահ, ծայրայեղ աջակողմեան Ժայիր Պոլսոնարոյի համակիրներուն կողմէ: Վերջիններս մեծ վնասներ հասցուցած են իրենց գրաւած շէնքերուն:

Ապահովական ուժերը աւելի քան 400 ցուցարարներ ձերբակալած են: Ձերբակալուածները կրնան 12 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Պրազիլի նախագահ Լուիզ Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա զանգուածային անկարգութիւններու լոյսին տակ Պրազիլիա գաւառին մէջ դաշնակցային միջամտութեան հրամանագիր մը ստորագրեց: Ան Սան Փաուլոյի մէջ շրջապտոյտ կատարելու ընթացքին պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ յայտնեց. «Պրազիլիայի մէջ դաշնակցային միջամտութիւնը մինչեւ 31 յունուար պիտի տեւէ»:

«Խափանարարները կառավարական շէնքեր ներխուժեցին, եւ դաշնակցային ոստիկանութիւնը, որ պէտք էր անվտանգութիւնը ստանձնէր, ատիկա չկատարեց», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ապահովական բաց մը կայ… տեսերիզներու մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, որ ոստիկանութիւնը ներխուժողները կ՛առաջնորդէր… ոչինչ ըրին վայրերն ու մարդիկը պաշտպանելու համար եւ վստահութեան արժանի չէին»:

Լատինամերիկեան երկիրները Պոլսոնարոյի համակիրներուն արարքը նկատեցին «Ֆաշական շարժում» մը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Տա Սիլվային:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Ժողովրդավարական հաստատութիւններ յարձակումի ենթարկելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է», եւ կոչ ուղղեց «անմիջապէս վերջ տալու այդ արարքներուն»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն` Տա Սիլվային զօրակցութիւն յայտնելով ըսաւ. «Պրազիլացի ժողովուրդն ու ժողովրդավարական հաստատութիւնները պէտք է յարգուին»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին դատապարտեց Պրազիլի մէջ իշխանութեան գլխաւոր կեդրոնատեղիներ ներխուժումը:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Դէմ Է Ռուսիան Կազմակերպութենէն Դուրս Ձգելուն

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Չէ Հերքած Ազրպէյճանի Հետ Տարակարծութիւններու Գոյութիւնը

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.