Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Դարձեալ Երեւանը Կը Մեղադրէ Սադրանքներու Մէջ

January 5, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ մեկնաբանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ օր առաջ հրապարակած յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Լաչինի ճամբուն վրայ ընթացող բողոքի ցոյցերու մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հերթական յայտարարութիւնը բացարձակապէս անհիմն է եւ նպատակ ունի միջազգային գործընկերներու մօտ տարակուսանք յառաջացնել ու արհեստականօրէն սրել կացութիւնը», կը յայտարարէ նախարարութիւնը:

«Զարմանալի չէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջութեամբ խեղաթիւրած է Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու բողոքները, որոնք ուղղուած են հայկական 30-ամեայ բռնագրաւումի ընթացքին մեր բնական պաշարներու թալանի դէմ: Կարծես թէ հայկական կողմը մտադիր է շարունակել Ազրպէյճանի տարածքին մէջ անօրինական տնտեսական եւ այլ տեսակի գործունէութիւնները: Ազրպէյճանի տարածք որեւէ առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի կոչերը մենք կը նկատենք իբրեւ հերթական սադրանք` ուղղուած մեր երկրի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ», կ՛ըսուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Լաչինի Միջանցքի Շրջափակման Համար Պատժամիջոցներ Հաստատեն Ազրպէյճանի Դէմ» Կ՛ըսէ «Ճենըսայտ Ուաչ»

Յաջորդը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Եւ Քաղաքային Խորհուրդի Նախագահը Բերձորի Միջանցքի Հարցով Դիմած Են Պայտընին

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.