Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ապրիլին Եւրոպայի 2023-ի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Խրուաթիոյ եւ Մակեդոնիոյ ֆետերասիոնները, սակայն Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնը նախապատուութիւնը տուաւ Հայաստանին:
Ինչ կը վերաբերի տարիքային տարբեր ախոյեանութիւններուն, անոնք տեղի պիտի ունենան Ռումանիոյ (աւագ տարիքի պատանիներ), Սլովենիոյ (կրտսեր տարիքի պատանիներ) եւ Ազրպէյճանի (22 տարեկանէն վար) մէջ:
Նշենք, որ 2022-ին Երեւան հիւրընկալեց Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութիւնը:


