Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Նոա յայտնեց, որ միջնապահ Կարէն Նալբանդեանի հետ կատարուեցաւ պայմանագիրի խզում` երկկողմանի համաձայնութեամբ:
2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նոա 12 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքը:
Նշենք, որ ձմեռնային դադարէն ետք երեւանեան ակումբը 27 փետրուարին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` մրցելով Բանակային Կեդրոնական Մարզական ակումբին դէմ:


