Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Լիբանանեան Բանակը Կարող Է Շարունակելու Իր Ընթացքը` Հակառակ Տարաձայնութիւններուն»

December 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Պեքաայի շրջան` Պրիթելի բարձունքներուն վրայ ու Պաալպեքի մէջ գտնուող զօրանոցները, ուր բանակը սահմանապահ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ` երկրին սահմանները պաշտպանելով ահաբեկիչներէն:

Զօր. Աուն բարձր գնահատեց բանակի զինուորներուն դերակատարութիւնը եւ շնորհաւորեց զանոնք Նոր տարուան առիթով:

Ան ընդգծեց, որ այդ շրջաններուն մէջ բանակայիններուն ներկայութիւնը հիմնական է եւ անհրաժեշտ` աւելցնելով, որ բանակն է Լիբանանը պահպանողը եւ անոր պատմութիւնը կերտողը: «Պատմութեան մէջ պիտի յիշուի, որ բանակը պաշտպանեց երկիրը, եւ առանց բանակին կարելի պիտի չըլլար այս հայրենիքը պահպանել», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը իրենց համար պատիւ է, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պատիւին ու ինքնութեան պաշտպանութիւնն է: «Դուք կը հպարտանաք Լիբանանով, իսկ Լիբանան կը հպարտանայ ձեզմով: Դուք արժանացաք լիբանանցիներու սիրոյն ու անոնց վստահութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին վստահութեան: Լիբանանեան բանակը պիտի տոկայ եւ կարող է շարունակել իր ընթացքը` հակառակ բոլոր տարաձայնութիւններուն, որոնց շարքին` բանակէն փախուստ տալու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող տարաձայնութիւնները», ըսաւ զօր. Աուն` աւելցնելով, որ հազարաւոր կամաւոր երիտասարդներ դիմումնագիրներ կը պահանջեն բանակին միանալու եւ անոր շարքերուն մէջ ծառայելու:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մեղմացնելու բանակայիններուն բեռը` անոնց տրամադրելով մեծ թիւով ընկերային օժանդակութիւններ:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց զինուորականներուն ամուր մնալու իրենց կամքին մէջ եւ կառչած մնալու հայրենիքին նկատմամբ իրենց հաւատքին, որովհետեւ բոլոր բանակայինները համբերութեան, կամքի եւ հաւատքի դպրոցին կը պատկանին:

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Զգուշացնեն Կաղանդի Գիշերը Կրակելէ

Յաջորդը

Միքաթի. «Լիբանանի Վերականգնումին Հանդէպ Յոյսով Կը Մնանք»

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.