Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2022-ին, 82 տարեկան հասակին, մահացաւ աշխարհի եռակի ախոյեան, «Ֆութպոլի արքայ», պրազիլցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Փելէն:
Ան մահացաւ քաղցկեղի, երիկամներու եւ սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով:
Անուանի ֆութպոլիստը միակն է Մոնտիալներու պատմութեան մէջ, որ երեք անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան (1958, 1962 եւ 1970):
Անոր անունը արձանագրուած է «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ` 1279 կոլի հեղինակ դառնալու համար:
Նշենք, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 92 մրցումի ընթացքին նշանակած է 77 միջազգային կոլ:
Այս շաբաթ, երբ զգացուեցաւ, որ անոր կեանքի օրերը արդէն իսկ համրուած են, ան հրաժեշտ տուաւ իր ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն:
Պրազիլական Սանթոս ակումբի մարզաշապիկին վրայ, Փելէի ի պատիւ, յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ պիտի յայտնուի ոսկեայ թագի լուսանկար:
Ան 1956-1974 թուականներուն հանդէս եկած է Սանթոսի հետ եւ դարձած ակումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Պրազիլի կառավարութիւնը, յարգելու համար անոր յիշատակը, երկրին մէջ երեք օր սուգ յայտարարեց:
Անոր վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 յունուար 2023-ին:
Համակիրները կարելիութիւն պիտի ունենան «Վիլա Պելմիրօ» մարզադաշտին մէջ մէկ օր հրաժեշտ տալու պրազիլցի ֆութպոլիստին:
Յաջորդ օրը անոր դագաղը պիտի շրջի Սանթոս քաղաքի փողոցներուն մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սանթոսի «Տիեզերական գերեզմանատան» մէջ, ուր Փելէի ընտանիքի անդամներուն համար նախատեսուած յատուկ տեղեր ունին:




