Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանային Երկիրները Իրենց Խնդիրները Իրենց Նախաձեռնութեամբ Պէտք Է Լուծեն Եւ Տէր Կանգնին Անոնց» Կ՛ըսէ Քըլըչ

December 30, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Սերտար Քըլըչ 27 դեկտեմբերին Անգարայի համալսարանի լեզուաբանական եւ պատմաաշխարհագրական կաճառին կողմէ կազմակերպուած «Դիւանագիտութեան նուիրուած կեանք մը. վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները` դիւանագէտ Սերտար Քըլըչի աչքերով» խորհրդաժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Քըլըչ նախ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ծաւալուող հոլովոյթին: Անոր համոզումով` փոխադարձ ըմբռնումի եւ երկու կողմերու` երկարաժամկէտ շահերը հաշուի առնելու պարագային գոյութիւն ունեցող խնդիրները պիտի յաղթահարուին:

«Պէտք է գիտակցինք, որ հոլովոյթներէն մէկուն մէջ դրական տեղաշարժը դրականօրէն կ՛ազդէ միւս հոլովոյթին վրայ, եւ նմանապէս հոլովոյթներէն մէկուն մէջ բացասական զարգացումը կ՛ազդէ միւսին վրայ: Այս երկու հոլովոյթները իրարմէ անջատ են, սակայն կարելի չէ իրարմէ ամբողջովին անջատել», ըսած է ան:

Ապա ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին, Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ խօսակցութիւններ կան, թէ Թուրքիան եւ Հայաստանը իրականութեան մէջ եռակողմ բանակցութիւններ կը վարեն, որովհետեւ Ազրպէյճանն ալ մաս կը կազմէ այդ հոլովոյթին:

«Ի հարկէ Ազրպէյճանն ալ կայ, Հայաստանի հետ երկխօսութիւն ունեցող որոշ երկիրներ ալ կան: Սակայն անոնք ֆիզիքապէս այս հոլովոյթին մէջ չկան, եւ չեն կրնար այս հոլովոյթին մէջ պայմաններ թելադրել: Այս հոլովոյթը բացառապէս երկկողմանի մակարդակի վրայ տարուող հոլովոյթ է: Բացառապէս իմ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ տեղի կ՛ունենայ: Իրեն հետ նաեւ իբրեւ բարեկամ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունինք», յայտնած է ան:

Քըլըչ յիշեցնելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած տարբեր մակարդակի հանդիպումներու դրական մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս շեշտած է, որ ներկայ փուլին որոշակի խնդիրներ կան: Անոր կարծիքով` գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման հետամուտ պէտք է ըլլան շրջանային երկիրները, սակայն վերջին շրջանին ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը սկսած են միջամտել եւ խնդիրը միջազգայնացնել, ինչ որ թուրք դեսպանը սխալ կը նկատէ:

«Շրջանային երկիրները իրենց խնդիրները իրենց նախաձեռնութեամբ պէտք է լուծեն եւ տէր կանգնին անոնց: Այս պահուն մենք Ռուբինեանի հետ միասին ճիշդ ասիկա կը փորձենք ընել», ըսած է Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը:

Սերտար Քըլըչ շեշտած է, որ կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ առարկայական քայլեր կը կատարուին: Անոնցմէ մէկը այն է, որ շատ կարճ ժամկէտի մէջ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի օդանաւային բեռնափոխադրումները պիտի սկսին: Քըլըչ կողմնակից է այն տեսակէտին, որ շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հոլովոյթը կ՛անցնի Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման հոլովոյթին մէջէն: Հայաստանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններուն կայուն հիմերու վրայ դրուիլն ալ Թուրքիա-Հայաստան հոլովոյթի յաջողութենէն կախեալ է:

«Եթէ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացում եւ բարգաւաճում կ՛ակնկալուի, ապա ատոր ուղին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: Հիմա պատկերացուցէք` երկու սահմանային անցակէտ ունինք, մէկը երկաթուղային, միւսը` ինքնաշարժներու ճամբայ: Անոնց բացուելուն պարագային, Ալիճան սահմանային անցակէտին առջեւ Երեւանը կը գտնուի: Երկաթուղիի համար նախատեսուած Աքեաքա անցակէտին դիմացն ալ Գիւմրին կը գտնուի…

«Այժմ Ռուսիոյ դէմ որդեգրուող տնտեսական պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ եթէ Հայաստանի հետ առեւտուրի բնագաւառին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները հաշուի առնենք, ասիկա Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ շռնդալից ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

 

Նախորդը

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

Յաջորդը

«Պէյզ Մեթըլզ»-ի Հետ Որոշուած Է Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել Հանքավայրի Շահագործումը, Փորձաքննութիւն Պիտի Կատարուի» Կ՛ըսէ Արցախի Կառավարութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.