Ուքրանիոյ մէջ ճգնաժամի կարգաւորման որեւէ խաղաղ ծրագիր պէտք է հաշուի առնէ Ռուսիոյ կազմ մուտք գործած նոր տարածքներու գոյութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Առայժմ խաղաղ լուծման որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի», նշած է Փեսքով` պնդելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի որեւէ նախագիծ, որ պիտի շրջանցէ չորս նոր ռուսական շրջաններու դաշնակցային կազմ մուտքը, «ընդունելի չի կրնար ըլլալ»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ միջոցով անվերահսկելիօրէն թուային զէնքի տարածում կը կատարէ, ինչ որ ամբողջ աշխարհի համար յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով»:
«Անհրաժեշտ է յստակօրէն հասկնալ սպառնալիքները, զորս Ուքրանիան կը ներկայացնէ տեղեկատուական տարածքին մէջ. անոնք կը կրեն համընդհանուր բնոյթ», ըսած է ան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն, «իրականութեան մէջ ՕԹԱՆ-ը այսօր այս երկրին միջոցով թուային զէնքի անվերահսկելի բաշխում կը կատարէ»:
«Ասիկա յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով` միջազգային ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար. այսօր տեսադաշտի մէջ է Ռուսիան, իսկ վաղը մեր փոխարէն կրնայ ըլլալ որեւէ այլ պետութիւն, որ անցանկալի է Ուաշինկթընի համար», զգուշացուցած է դիւանագէտը:
Սիրոմոլոթով նախապէս «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր զգալիօրէն աճած է ռուսական տեղեկատուական աղբիւրներու եւ ենթակառոյցներու դէմ համացանցային յարձակումներու թիւը: Անոնք կ՛արձանագրուին հիմնականին մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար, պաշտօնաթող զօրավար Ճէյմս Ճոնզ «Ամերիկայի ձայն»-ի վրացական ծառայութեան հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ Ուքրանիան տակաւին երկար ժամանակ պիտի ըլլայ եւրոպական պաշտպանութեան առաջին գիծին վրայ:
Ան համոզում յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուս զինուորներու նպատակները կրնան այլեւս փոխուած ըլլալ, որովհետեւ այն նպատակները, որոնք անոնք սկիզբէն ճշդած էին, ըստ երեւոյթին, արդէն կարելի չէ իրականացնել:
«Այդ պատճառով հիմա, ձմեռը սկսելուն պէս, անոնք աւելի շատ սկսած են յարձակիլ կարեւոր ենթակառոյցներու եւ քաղաքային կառոյցներու վրայ, եւ ոչ թէ զինուորական թիրախներու վրայ, որպէսզի ուքրանացի ժողովուրդին համար քաոս եւ դժուարութիւններ ստեղծեն», ըսած է Ճոնզ:
Ան ըսած է, որ հաշուի առնելով մարտի դաշտին վրայ Ուքրանիոյ ապշեցուցիչ յաջողութիւնը, նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հաւանաբար կը զգայ, որ զինուորական առաւելութիւն ունի:
«ՕԹԱՆ-ը իբրեւ դաշինք այժմ շատ աւելի ուժեղ է, շատ աւելի համախմբուած: Ասիկա ամէնէն քիչը կ՛ուզէր Վլատիմիր Փութին: Եթէ աջակցութիւնը, որ դաշինքը Ուքրանիոյ կը տրամադրէ, մնայ ամուր եւ մշտական, ապա ատիկա Ռուսիոյ համար լաւ բան չի յուշեր», ընդգծած է զօրավարը:
Զօրավարը յոյս յայտնած է, որ պատերազմը կ՛աւարտի 2023 թուականին:
Ճոնզի համաձայն,` Ռուսիան արդէն իսկ պարտուած է: «Անոր ստիպած են նահանջել, թէեւ ան ատիկա չ՛ընդունիր, սակայն ատիկա կը հասկնան զինուորական համայնքին մէջ, ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ», յայտարարած է զօրավարը:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երեքշաբթի երեկոյեան տեսաուղերձի ընթացքին յայտնած էր. «Մենք կը շարունակենք Ուքրանիոյ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժերու նախապատրաստումը յաջորդ տարուան համար: Ասիկա պէտք է ըլլայ վճռորոշ տարի: Մենք կը հասկնանք, թէ ի՛նչ վտանգներ կան ձմրան, մենք կը հասկնանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք գարնան, ինչ որ կը նշանակէ, որ մենք կը հասկնանք, թէ ի՛նչ արդիւնքներ պէտք է ցոյց տայ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ամբողջ ոլորտը», ըսած է ան:


