Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ եւ անգլիացի միջնապահ Ճէյմս Միլնըր պիտի բացակային նաեւ Լայսթըր Սիթիի դէմ կատարուելիք մրցումէն (ուրբաթ, 30 դեկտեմբեր), բացակայելէ ետք այս շաբաթասկիզբին Ասթոն Վիլլայի դէմ կատարուած մրցումէն («Փրեմիեր Լիկ»):
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Ֆիրմինօ վնասուածքի պատճառով դաշտ չներկայացաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքի մրցումին, մինչ Միլնըր, որ դաշտ ներկայացած էր, Ա. կիսախաղին փոխարինուեցաւ ոտքի վնասուածքի պատճառով:
Վերոնշեալ մրցումին, Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:


