Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան օրը` կիրակի, 25 դեկտեմբերին, մահացաւ Եուվենթուսի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ֆապիան Օնիլ, այս մասին յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը. ան 49 տարեկան էր:
Միջազգային շարք մը մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ անոր լեարդի հիւանդութիւնը նկատուեցաւ անոր մահուան գլխաւոր պատճառը` նկատի ունենալով, որ ան բաւական երկար ժամանակ պայքարեցաւ իր ունեցած այդ հիւանդութեան բուժումին համար, ինչ որ յառաջացած էր ոգելից ըմպելիներու գործածութեան պատճառով:
Օնիլ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Նասիոնալի, Քալիարիի եւ Փերուճիայի, Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 19 անգամ:


