«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մահացաւ «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի խառն մենամարտերու ամերիկացի մարտիկ Սթեֆըն Պոննար. ան 45 տարեկան էր:
Նշուեցաւ, որ անոր մահուան պատճառ եղած են սրտի բարդութիւնները:
«ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ ամերիկացի մարզիկը անուանեց պատմութեան ամէնէն կարեւոր մարզիկներէն մէկը:
Նշենք, որ Պոննար իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած էր նոյեմբեր 2014-ին:


