Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անոր դաշնակիցները կ՛ուզեն պատերազմի դաշտին վրայ յաղթել Ռուսիոյ, որպէսզի զայն ոչնչացնեն: Այս մասին ան ըսած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին համաձայն, արեւմտեան երկիրներու եւ անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գործողութիւնները կը հաստատեն ուքրանական ճգնաժամի համաշխարհային բնոյթը:
«Այլեւս ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի անոր դաշնակիցներու ռազմավարական նպատակը մարտի դաշտին մէջ Ռուսիոյ յաղթելն է` իբրեւ մեր երկիրը էականօրէն տկարացնելու կամ նոյնիսկ ոչնչացնելու մեքանիզմ», ըսած է Լաւրով:
Անոր կարծիքով` Ռուսիոյ հակառակորդները այդ նպատակին հասնելու համար «շատ բանի պատրաստ են»:
«Ամէնէն հեռուն գացած են Ուաշինկթընի մէջ. այնտեղ Փենթակոնի որոշ «անանուն պաշտօնեաներ» իրականութեան մէջ սպառնացած են «գլխատող հարուած» հասցնել Քրեմլինին, իրականութեան մէջ խօսքը ռուսական պետութեան ղեկավարի ֆիզիքական հաշուեյարդարի մասին է: Եթէ ոեւէ մէկը իսկապէս նման գաղափարներ ունի, ապա պէտք է շատ լաւ մտածէ նման ծրագիրներու հաւանական հետեւանքներուն մասին», ըսած է Լաւրով:
Լաւրով նշեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին չափը անցուց, երբ ՕԹԱՆ-էն պահանջեց Ռուսիոյ կանխարգելիչ հիւլէական հարուածներ հասցնել»:
«Եթէ Ուքրանիան զինաթափման եւ զայն նացիներէն ձերբազատելու մեր պահանջներուն չընդառաջէ, ատիկա ռուսական բանակը պիտի կատարէ», շեշտեց Լաւրով:
Ան նշած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները չեն կրնար բնական հաղորդակցութիւն պահպանել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի առճակատողական ընթացքին պատճառով:
«Առարկայականօրէն անկարելի է բնական հաղորդակցութիւն պահպանել Պայտընի վարչակազմին հետ, որ նպատակ կը հռչակէ մեր երկրի` ռազմավարական պարտութեան մատնումը», ընդգծած է նախարարը:
Անոր կարծիքով` «ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները իսկապէս կը գտնուին ծայրայեղ անմխիթար վիճակի մէջ եւ գործնականին մէջ սառեցուած են Ուաշինկթընի մեղքով»:
«Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան ժամանակ Ռուսիան կը հիմնուի փոխադարձութեան սկզբունքին վրայ եւ, իբրեւ կանոն, կը գործէ ակն ընդ ական սկզբունքով», աւելցուցած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Պայտըն 28 մարտին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ուղղուած չէ Փութինը տապալելուն: Սակայն 26 մարտին Վարշաւա կատարած այցելութեան ժամանակ, խօսելով Փութինի մասին, ըսած էր.«Այդ մարդը չի կրնար իշխանութեան ղեկին մնալ»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուան պատրա՞ստ է որոշ պայմաններու մէջ բանակցիլ Ուքրանիոյ հետ, ըսած էր, որ Ռուսիան «երբեք ուրիշներու պայմաններուն չէ հետեւած, միայն մեր կացութեան ու ողջմտութեան վրայ հիմնուած ենք»:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ ուքրանական իշխանութիւնները կ՛ուզեն յառաջիկայ փետրուարին «խաղաղութեան վեհաժողով» գումարել:
Ան «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին նշած էր, որ ինք «կը նախընտրէ, որ հարթակը ՄԱԿ-ը ըլլայ եւ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կուիթերեսը` հաւանական միջնորդ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակէն 26 դեկտեմբերին` մեկնաբանելով Քուլեպայի յայտարարութիւնը, յայտնած են. «Ինչպէս նախապէս բազմիցս յայտարարած է ընդհանուր քարտուղարը, ինք կրնայ միջնորդ ըլլալ, միայն եթէ բոլոր կողմերը ուզեն, որ ինք միջնորդ հանդիսանայ»:


