Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ախա Հարեթ Հըրէյքի դէմ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Կերի Լեփեճեան, Ղասսան Տըլպանի եւ Անթոնի Քութանի:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ այսպիսով արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` հաւասարութեան մը եւ պարտութեան կողքին:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռիատի Արամուն, որ ապահոված է առաւելագոյն 15 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Ռապիթաթ Ուարտանիէ (10 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (7 կէտ):
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:


