Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Սաժես Պէյրութ, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ:
Պէյրութեան այս 130-րդ տերպին աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 77-71 արդիւնքով (14-22, 19-21, 18-8 եւ 26-20):
Ռիատիի համար մրցումին անկիւնադարձային հանգրուանը եղաւ 3-րդ քորթըրը, որուն շնորհիւ անիկա յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն, այսպիսով դառնալով այս տարեշրջանի առաջին խումբը, որ կը յաջողի պարտութեան մատնել Սաժեսը:
Յաղթական կազմէն Ուաէլ Արաքժի եւ Ամիր Սէուտ յաջորդաբար նշանակեցին 25 եւ 22 կէտ, մինչ Սաժեսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քլիֆ Ալեքսանտր (20 կէտ եւ 15 ռիպաունտ):


